2012-11-18 13:08:03

Ղպտի Եկեղեցւոյ Նորընտիր Պապի Գահակալութեան Առթիւ`
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պատագմը


Եգիպտոսի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորնտիր Պապ` Թաուատրոս Բ-ի գահակալութեան արարողութիւնը։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուի, որպէս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ, Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` Կարդինալ Գիւրտ Գոխը։

Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը պատգամ մը յղած է Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նոր Պապին որուն մէջ յայտնած է իր խնդակցութիւնը ու Անոր վրայ հայցած է Ամէնազօրին հոգեւոր առատ պարգեւները, որպէսզի զայն ամրապնդէ ու հաստատ պահէ նոր ստանձնած պատասխանատութեան մէջ, առաջնորդելու համար կղերն ու աշխարհականները դէպի սրբութեան ուղին։

Իր պատգամին մէջ, Սրբազան հայրը, վերյիշած է նաեւ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ Պապը ու անոր ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ անոր մտահոգութիւնը քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու բարւոքումի ի խնդիր։ Սրբազան Հայրը մաղթած է որ երկու եկեղեցիներու միջեւ տիրող կապերը աւելիով զարգանան ու ամրապնդուին, յոյս յայտնելով որ Քրիստոսի հետեւողները հասնին իսկական միութեան։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ապա Թաուատրոս Բ Պատրիարքին վստահեցուցած է իր եղբայրական աղօթքները, ի տես նորընտրեալ գահերէցին դիմագրաւելիք մարտահրաւերներուն ու նորոգելով բարեմաղթութիւնները հայցած է Աստուծոյ Օրհնութիւնները նոր պապին ու անոր վստահուած հաւատացեալներուն վրայ, եղբայրական գնահատանքի ու սիրոյ զգացումներու հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.